2009-04-21 20:17:31

2009 հայ երիտասարդութեան տարի` Եկեղեցւոյ իմաստը միայն վայրին սրբութեամբ չի՜ բացատրուիր, աղլ անոր առաքելութեան կենսագործումով, որուն պթտք է մասնակից դառնայ երիտասարդութիւնը։


2009 հայ երիտասարդութեան տարի` Եկեղեցւոյ իմաստը միայն վայրին սրբութեամբ չի՜ բացատրուիր, աղլ անոր առաքելութեան կենսագործումով, որուն պթտք է մասնակից դառնայ երիտասարդութիւնը։

Երիտասարդական տարիները բնորոշող յատկանշական գիծերը մատնանշելով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը քրիստոնէական կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը շեշտեց, նպատակասլաց կեանքի մը ուղղուածութիւնը կարեւոր նկատելով իւրաքանչիւր երիտասարդի համար: Եկեղեցին, իբրեւ բարոյականութեան աղբիւր, Նորին Սրբութիւնը նկատեց կողմնացոյց մը, դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճամբայ մը, որ կը կարգաւորէ մարդկային ընկերութեան կեանքը, մարդոց միջեւ փոխ-յարաբերական օրէնքներու փոխադարձ յարգումով պայմանաւորուած: ՙԿրօնքը ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ սկսած է կամաց-կամաց գոյութենական ներկայութիւն դառնալ: Անցեալին, յատկապէս արեւմուտքի մէջ, կրօնքը անհատական ապրում մըն էր: Իսկ այսօր անիկա բոլորին սեփականութիւնն է: Ներկայիս միջ-կրօնական հանդիպումներ տեղի կ’ունենան բարձրագոյն աստիճանի լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ: Երեւոյթ մը, որ մօտիկ անցեալին գոյութիւն չունէր: Երիտասարդութիւնը այս երեւոյթին նկատմամբ անտարբեր չի՜ կրնար ըլլալ: Սակայն ո՞ւր է մեր երիտասարդութիւնը այս բոլորին մէջ…՚ հարց տուաւ Վեհափառը:

Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց մասնակցութեան կարեւորութիւնը: ՙԵրիտասարդութիւն եւ կրաւորականութիւն, հակոտնեայ գաղափարներ են, եւ իրարու միշտ հակասող: Երիտասարդութիւնը միշտ ներկայութիւն պէտք է դառնայ մեր հաւաքական կեանքէն ներս: Լուսանցքային չէ՜ անոր դերակատարութիւնը այլ՝ գլխաւոր, կեդրոնական: Նայեցէ՜ք այսօրուան աշխարհին, եւ պիտի տեսնէք որ պատասխանատու դիրքերու վրայ կը գտնուին առաւելաբար երիտասարդներ: Որովհետեւ մեր կեանքը ձեզմով կը նորոգուի ու կը բարգաւաճի: Այլապէս մեր հաւաքական կեանքը կը լճանայ ու կը ճահճանայ: Ձեր թարմ ոյժերուն ու մտքերուն պէտք ունի մեր եկեղեցին, որուն հարազատ զաւակներն էք՚ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

Իր խօսքի վերջին բաժնով, Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ երիտասարդութեան ներկայ կեանքին սպառնացող վտանգներու մասին. ՙՄտածելակերպերու, կենցաղակերպերու ականատես կ’ըլլանք յաճախ, որոնք մեր աւանդութիւններուն չեն համապատասխաներ, բարոյական տարբեր հասկացողութիւններ ըլլալով: Այս երեւոյթներէն շուտով կ’ազդուի երիտասարդութիւնը: Ճիշդ է, այսօրուան աշխարհին մէջ պատեր չենք կրնար հիւսել մեր շուրջ, ոչ ալ կրնանք վանդակներու մէջ ապրիլ, սակայն Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ, մեր երիտասարդութիւնը կրնայ գտնել ճիշդ ուղին, իր հետ նաեւ վերանորոգելով եկեղեցին, իր առաքելութեան ու իր ծառայութեան մէջ: Եկեղեցւոյ իմաստը միայն վայրին սրբոթեամբ չի՜ բացատրուիր, այլ՝ անոր առաքելութեան կեսագործումով, որուն պէտք է մասնակից դառնայ մեր երիտասարդութիւնը՚ շեշտեց Վեհափառը:







All the contents on this site are copyrighted ©.